Հայաստան պատրաստ է Ասորի փախստականներ ընդունելու

Հայաստանի իշխանութիւնները  անմիջապէս ընդառաջեցին ասորի համայնքի խնդրանքին, որպէսզի ընդունին Սուրիոյ ասորի  փախստականները, որոնք իրենց հողերէն տեղահան կ’ըլլան «ԻՍԻՍ»ի կողմէ:
Հայաստանի Գաղթականներու  Սպասարկութեան պատասխանատուն Գագիկ Երկանեան  յայտարարեց, որ ըստ օրէնքի  Հայաստան  յանձնառու կ’ըլլայ   պաշտպան կանգնելու  բոլոր անոնց, որոնք կ’ենթարկուին  հալածանքի,  առանց  ազգային  խտրականութիւն դնելու,  իրենց   օրինաւոր կեցութիւն, ընկերային  եւ մշակութային իրաւունքներ ապահովելով:
Այսուհանդերձ   ապաստանեալները նախապէս պէտք է Հայաստանի մէջ արձանագրուին, որպէսզի կարենան իրենց հարցերը պատկան  մարմիններուն  ներկայացնել:Պէտք է խնդրագիր մը  յանձնեն սահմանագծին վրայ, որմէ յետոյ կը սկսի օրինաւոր գործընթացը:
Ռազմիկ Խոսրոյեւ, որ ասորի համայնքին ներկայացուցիչն է   Հայաստանի մէջ, խնդրեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարութենէն, որպէսզի թոյլ տայ ասորիներուն ապաստանիլ Հայաստանի մէջ:
Ըստ լրատուական աղբիւրներու Փետրուար 22ին  ԻՍԻՍ յարձակած է ասորիներու կողմէ բնակուած 32 գիւղերու վրայ Սուրիոյ տարածաշրջանին մէջ, 1200 ընտանիքներ փախստական վիճակի մատնելով:
(Արմէնփրէս)
Compartir