Author Archives:

Գրիգորիս Սրբազան վախճանեցաւ

Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան, դէպի Խարկով կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին յանկարծամահ եղաւ այսօր: Ամենայն Հայոց Վեհափառը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Սրբազան Հօր վախճանման տխուր լուրը ստանալով: Գրիգորիս Սրբազանը…

Արժանթինի Նոր Դեսպանը Հայաստանի մէջ

Կոնսալօ Ուրրիոլապէյթիա նշանակուեցաւ նոր դեսպան Արժանթինի կառավարութիւնը ներկայացնող Հայաստանի հանրապետութեան մէջ,փոխարինելով Տիէկօ Ալվարէս Րիվերան: Հայաստանի կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը յայտնեց տեղի ունենալիք փոփոխութեան առթիւ: Ուրրիոլապէյթիա 45 տարեկան է, մասնագիտութեամբ իրաւաբան, որ  վարած է տնօրէնի պաշտօն,արտաքին գործոց…

Հայաստան Դասագիրքեր պիտի Նուիրէ Սփիւռքահայութեան

Այս տարի Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւնը 50հազար ընթերցանութեան դասագրքեր պիտի նուիրէ սփիւռքահայ վարժարաններուն: Նախարարուհին, Հրանուշ Յակոբեան յայտարարեց , թէ նաեւ ուսման յատուկ ելեքտրոնային նիւթեր պիտի հայթայթուին եւ վեց նոր դասագրքեր տարբեր մակարդակներու: 

Թուրք Համալսարանականներ կը բողոքեն Ցեղասպանութեան Ուրացման դէմ

Պոլսոյ համալսարանի ուսանողներ, «Քլուպ Աթաթուրք»ի կողմէ    կազմակերպուած  ձեռնարկի մը ընթացքին, բողոքի ցոյց կատարեցին, որովհետեւ սոյն կազմակերպութիւնը միշտ  ժխտած է«Հայկական Ցեղասպանութիւնը : Ըստ թուրք լրագրական «Էթհա»գործակալութեան,  «Աքսորի Հարիւրամեակ» միջոցառումի ընթացքին, անոնք  մուտք գործեցին, յայտարարելով  մամուլին, թէ…

Հայ Գաղութի Ներկայութիւնը Պուլկարիոյ Ազգային Տօնին

Մարտ 3ին Պուլկարիոյ  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ  Պուլկարիոյ  անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը, երբ երկիրը 1878ին վերջնականապէս կրցաւ ազատագրուիլ Օսմանեան կայսրութեան  լուծէն: Հայ Կեդրոնիվարչական Խուան Սարրաֆեան , գաղութներու միութեան նախագահի իր հանգամանքով ներկայ գտնուեցաւ  սոյն տօնակատարութեան: Ներկայ…

Ատրպէյճան Կը Քննադատուի Մարդկային Իրաւանց  Յանձնախումբին Կողմէ

Human Rights Watch  կազմակերպութիւնը, որ կը պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները ամբողջ աշխարհի մէջ, պահանջեց Ատրպէյճանի կառավարութենէն, որ նախքան Եւրոպայի Խաղերը, որոնք այս տարի տեղի պիտի ունենան, ազատ արձակէ բոլոր քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները, որոնք ապօրինի կերպով…

ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ: Որդան Կարմիր

Որդան Կարմիրը «Ռոք»ի նուագախումբ մըն է Հայաստանի Վանաձոր քաղաքէն, սակայն ունի իր իւրայատուկ ոճը: Այս նուագախոպմբը հրաւիրուած է մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Օսթին քաղաքին   մէջ, մօտերս  տեղի ունենալիք «Ռոք»ի փառատօնին: Այս առթիւ  ֆինանսական…

100 Ձայն Հարիւրամեակին առթիւ

Հայ հանրութեան մէջ մեծ արձագանք գտաւ « 100 ձայն Հարիւրամեակին առթիւ» ծրագիրը   եւ ազգայիններ սիրով ընդառաջեցին    հարիւր հոգինոց երգչախումբ մը կազմելու կոչին, ծրագրուած եւ կազմակերպուած խմբավար Ռոսալպա Սարաֆեանի կողմէ: Այս իրիկուն նորակազմ երգչախումբը…