Author Archives:

Տեառնընդառաջի Տօնակատարութիւն եւ Նորապսակներու Օրհնութիւն

Երէկ Ուրբաթ, Փետրուար 27ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր  Տաճարին մէջ Թեմիս առաջնորդ|՝ Տէր Գիսակ Արք.Մուրատեան, Հայր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան եւ քահանայ Տէր Մեսրոպ Նազարեան   կատարեցին Տեառնընդառաջի եւ Նորապսակ զոյգերու օրհնութեան  արարողութիւնը:…

Հայաստան պատրաստ է Ասորի փախստականներ ընդունելու

Հայաստանի իշխանութիւնները  անմիջապէս ընդառաջեցին ասորի համայնքի խնդրանքին, որպէսզի ընդունին Սուրիոյ ասորի  փախստականները, որոնք իրենց հողերէն տեղահան կ’ըլլան «ԻՍԻՍ»ի կողմէ: Հայաստանի Գաղթականներու  Սպասարկութեան պատասխանատուն Գագիկ Երկանեան  յայտարարեց, որ ըստ օրէնքի  Հայաստան  յանձնառու կ’ըլլայ   պաշտպան կանգնելու  բոլոր…

Հայկական դպրոցները եւ  հարիւրամեակի ոգեկոչումը

Այսօր երեկոյեան , Հարիւրամեակի յանձնախումբի անդամները  հանդիպում մը ունեցան հայկական դպրոցներու  տնօրէններուն  հետ, ծրագրելու եւ համադրելու համար կրթական հաստատութիւններու մասնակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն առթիւ, քաղաքին մէջ  տեղի ունենալիք միջոցառումներուն, որոնք  պիտի երկարին ամբողջ տարուան  ընթացքին:…

Արցախի ընտրութիւնները “ապօրինի” են Թուրքիոյ համար

Թուրք կառավարութիւնը, Մայիս 3ին Արցախի մէջ կատարուելիք խորհրդարանական ընտրութիւնները ապօրինի կը նկատէ: Այս արտայայտութեամբ հանդէս  եկաւ  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը , ըսելով որ  ասիկա  միակողմանի  ճիգ մընէ օրինականացնելու համար  հողատարածքին մէջ տիրող  ներկայ անկանոն կարգավիճակը:…

ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ: Տեարնընդառաջի արարողութիւն Պուէնոս Այրէսի մէջ

Այս Ուրբաթ  27 Փետրուար երեկոյեան ժամը ութին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական խարուկահանդէս ՝  նշելու համար   Տեառնընդառաջի տօնը:   Սկիզբը պիտի  կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութիւն:  Պիտի ըլլան հայկական համեղ…

ՄԱՀ ԷՏՈՒԱՐՏՕ ՍԵՖԷՐԵԱՆԻ

Ընթացիկ ամսու 19ին իր մահկանացուն կնքեց ազգային բարերար եւ Հայ Կեդրոնի նախկին նախագահ, Տիար Էտուարտօ Սեֆէրեան: Մարմնի հսկումը եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ թեմիս Առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանի…