Բարի գալուստ Հայաստանի Նոր Դեսպանին

8Երէկ Հայ Կեդրոնի կազմակերպութեամբ՝  տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն  Սիրանուշ սրահին մէջ ի պատիւ նոր ժամանած Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին՝Պրն. Ալեքսան Յարութիւնեանին:
Ներկայ գտնուեցան օտար դիւանագէտներ, կառավարական պաշտօնատարներ, Պուէնոս Այրէս քաղաքի ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեան, կղերականներ, գաղութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ  մեծ թիւով ազգայիններ:
Հայ Կեդրոնի նախագահ՝ Պրն. Ալպերթօ Ճէրեճեան ներկայացուց նոր դեսպանը եւ անոր ունեցած գործունէութիւնը դիւանագիտական մարզէն  ներս:
2Ապա խօսք առաւ դեսնպանը՝ Ալեքսան Յարութիւնեանը, որ շեշտեց Սփիւռքի կարեւորութիւնը եւ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի նուիրուած ոգեկոչման միջոցառումներu: Նաեւ անդրադարձաւ Արժանթինի եւ Հայաստանի փոխադարձ յարաբերութիւններուն, որոնք շատ լաւ հունի մէջ կ’ընթանան:
5
Compartir