Անմոռանալի Օր մը Ապրեցաւ Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը

DSC_8246Երէկ Շաբաթ երեկոյեան, Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրին մէջ, հազարաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ բացօթեայ համերգ մը «Քեզի համար Հայաստան» բնաբանով:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փալերմոյի պուրակին կից՝ Լիպերթատոր եւ Սարմիէնթօ պողոտաներու խաչմերուկին վրայ,ուր հոծ բազմութիւն մը, մաս մը նստած, մեծ մասը յոտընկայս՝ լարուած ուշադրութեամբ, լուռ եւ երբեմն յուզուած կամ խանդավառ կը հետեւէր հոգեպարար երաժշտութեան :

11096676_823226387762656_4567362788510102658_nՊուէնոս Այրէսի սիմֆօնիք նուագախումբը, որուն կ’ընկերանային ԵրիտասարդականԱզգային Երգչախումբը եւ Կոյրերու Փոլիֆօնիք երգչախումբը, խմբավար՝ Սանթիակօ Չոսուրեանի ղեկավարութեամբ՝ ներկայացուցին դասական երաժշտութենէ կտորներ եւ արժանթինեան երգեր:

Իփոլիթով Իւանովի «Սարտար»ը, Ալան Յովհաննէսի «Խորհրդաւոր Լեռը», Արնօ Պապաջանեանի «Վոքալիզ»ը կատարողութեամբ՝ Ալա Աւետիսեանի եւ Մարսելօ Գէորգեանի: Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը, «Ատաճօ», Սուրերու Պարը»,Ալպերթօ Ճինասթերայի « Մալամպօ»ն:

IMG_3537 editԱսթոր Փիացոլայի «Լիպերթանկօ»ն, տուտուկի ընկերակցութեամբ Գագիկ Գասպարեանի նորութիւն մըն էր ունկնդիրներուն համար : «Արտէ Լա Վիտա» եւ Սփինեթայի երգ մը, զորս մեներգեց Լիլիանա Վիթալէ:
Ամենայուզիչ վայրկեանը եղաւ, երբ նուագախումբը, երգչախումբը եւ մեներգողները խոր ապրումով մեկնաբանեցին Շարլ Ազնաւուրի «Քեզի համար Հայաստան» երգը շատերուն աչքերէն արցունքներ խլելով եւ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:

Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Մոցարթի « Աւէ Րէրում Քորփուս» եւ Վերտիի «Րէքիէմ»ը: Յայտագիրէն դուրս՝ Նապուքօ եւ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով՝ կարգ մը կտորներ կրկնուեցան:

Այս ձեռնարկը գործադրուեցաւ շնորհիւ Պուէնոս Այրէս քաղաքի կառավարութեան Մարդկային Իրաւանց եւ Մշակութային Ենթաքարտուղարութեան ատենապետ Գլաուտիօ Աւրուխի, որ անձնապէս ներկայ գտնուեցաւ, ինչպէս նաեւ Քաղաքի մշակոյթի նախարարը՝ Էրնան Լոմպարտի , Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, հիւպատոսուհի Էսթեր Մկրտումեան, նաեւ հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

IMG_3671 editՀանդիսավարներն էին ծանօթ լրագրողներ Մարթին Վուլիչ եւ Լաուրա Եորղանճեան:
Համերգի աւարտին խօսք առաւ խմբավար Սանթիակօ Չոսուրեան, որ յայտնեց իր հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը իր հայկական ծագումին համար, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքի կառավարութեան, որ յարգած էր մեր զոհերուն յիշատակը, քաջալերած եւ սատարած այս ծրագրի իրագործման:
Բեմին ճակատը հսկայ տառերով գրուած էր Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ:Իսկ երկու կողմերը զետեղուած էին երկու մեծ պաստառներ, երրորդ մըն ալ բազմութեան աւելի մօտ: Ճերմակ մեծ օդագունտ մը կր ծածանէր օդին մէջ վրան «Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ» գրուած:

IMG_3440 editՆերկաները շուրջ երկու ժամ ըմբոշխնեցին հայ եւ օտար երաժշտական կտորներ եւ շատ ուրախ եւ հոգեպէս լիացած վերադարձան: Նաեւ ծանօթացան հայ ժողովուրդի կրած մեծ աղէտին, զոր թուրք պետութիւնը մինչեւ այսօր կ’ուրանայ:

Compartir