Երէկ Ուրբաթ, Փետրուար 27ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Թեմիս առաջնորդ|՝ Տէր Գիսակ Արք.Մուրատեան, Հայր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան եւ քահանայ Տէր Մեսրոպ Նազարեան կատարեցին Տեառնընդառաջի եւ Նորապսակ զոյգերու օրհնութեան արարողութիւնը:
Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան ՝ Պրն. Ալեքսան Յարութիւնեան, հիւպատոսուհի Տիկ.Էսթեր Մկրտումեան, Հայ Կեդրոնի Վարչական կազմը, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սկաուտներ:
Ապա Եկեղեցւոյ բակին մէջ խարոյկ վառեցին եւ անոր շուրջ պարեց «Մասիս» պարախումբը եւ նուագեց « Նոր Արաքս» նուագախումբը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով :
Ներկաները երգի եւ պարի ուրախ մթնոլոտին մէջ ճաշակեցին նաեւ հայկական համեղ ճաշերը եւ մինչեւ ուշ ատեն մնացին: