Դասախօսութիւն Թաքուն հայերու Մասին Արժանթինի Հայ Կեդրոնին մէջ

29789958_1696843970380693_8032628431367090144_nԵրեքշաբթի Ապրիլ 3-ի գիշերը, հարիւրէ աւելի հաշուող ունկնդիրներու ներկայութեան՝ տեղի ունեցաւ  դասախօսութիւն մը կազմակերպուած  Հայ Կեդրոնի  Վարչութեան եւԱրժանթինահայ Մշակութային Միութեան  կողմէ:

Լրագրող Աւետիս Հաճեան շատ հետաքրքրական ձեւով խօսեցաւ իր կատարած ճամբորդութեան  մասին դէպի  Արեւմտեան Հայաստան, ուր մօտէն ծանօթացաւ  «Թուրքիոյ թաքուն հայերուն », որոնք կ’ապրին Սասուն, Վան, Հաճըն, Այթապ, Մարաշ, Ուրֆա, Տիգրանակերտ, եւ այլ նահանգներ: Ասոնք  ժառանգորդներն են, ցեղասպանութենէն վերապրողներու որոնք փոխանակ ապաստան փնյռելու ուրիշ երկիրներ, շարունակեցին մնալ իրենց նախնիքներու հողին վրայ, բայց մեծցան եւ դաստիարակուեցան որպէս թուրք:

29683873_1696843987047358_8163738343074934915_nԱնոնց ժառանգորդներէն ոմանք այսօր կը փնտռեն իրենց արմատները եւ կը վերադառնան մայր Եկեղեցւոյ  գիրկը եւ  կը մկրտուին:

Դասախօսը պատմեց հետաքրքրական եւ  յուզիչ դրուագներ այդ իսլամացած հայերու  կեանքէն. անոնց վախը, զգուշաւորութիւնը  եւ լուռ պայքարը հայ մնալու: Խօսքին կ’ընկերանային լուսանկարներ, ոորնք աւելի կը տպաւորէին ունկնդիրները:

Աւետիս Հաճեան իր այս ճամբորդութիւնը, հանդիպումները, պրպտումները ամփոփած է մեծածաւալ գրքի մը մէջ, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ Լոնտոնի մէջ անգլերէն լեզուով.

29695162_2009198872677840_277597338509503491_n«Գաղտնի Ազգ, Թուրքիոյ Թաքուն Հայերը» խորագրով:

Խօսքէն յետոյ  ներկաները  հարցումներ ուղղեցին դասախօսին նիւթին շուրջ:

Ալեքս Հաճեան ամփոփ կենսագրականը ըրաւ դասախօսին, Ատրիան Լոմլոմճեան Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան կողմէ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն իսկ  փակման խօսքը ըրաւ Հայ Կեդրոնի նախագահ՝Վարդի Մանուկեան:

Compartir