Մամլոյ Ասուլիս.  Հարիւրամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

la fotoԱյսօր կէսօրին մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի Ինթերնասիոնալ պանդոկին մէջ, ուր Հարիւրամեակի Յանձնախումբը  խօսեցաւ  Արժանթինի մէջ  Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առթիւ  տեղի ունենալիք միջոցառումներուն մասին:
 Խօսք առին ԳարլոսՄանուկեան,  պատասխանատուն Հայ Կեդրոնի մամլոյ եւ մշակութային հարցերուն, Սերխիօ Նահապետեան, նախագահ «Թէքէեան» Մշակութային Ընկերակցութեան  եւ Խորխէ Տոլմաճեան, ներկայացուցիչ «Արմենիա» Մշակութային Ընկերակցութեան:Ներկայ էին նաեւ Գորտոպայի ե ւ Րոսարիոյ գաղութի ներկայացուցիչները :  
Յանձնախումի անդամները ընդհանուր զեկուցում տուին հարիւրամեակին առթիւ կայանալիք միջոցառւմներուն մասին եւ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն, շուրջ յիսուն լրագրողներու,  որոնք կըներկայացնէին հեռատեսիլ , ձայնասփիւռ եւ մամուլ: 
Մամլոյ ասուլիսէն յետոյ եղաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները իրենց հետ տարին թղթակալներ, միջոցառումներու ամբողջական ցանկով, նաեւ  ծանօթութիւն Հայաստանի եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին,  եւ թաղարներ «Անմոռուկ» ծաղիկի սերմերով:
Compartir