Ատրպէյճան Կը Քննադատուի Մարդկային Իրաւանց  Յանձնախումբին Կողմէ

Human Rights Watch  կազմակերպութիւնը, որ կը պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները ամբողջ աշխարհի մէջ, պահանջեց Ատրպէյճանի կառավարութենէն, որ նախքան Եւրոպայի Խաղերը, որոնք այս տարի տեղի պիտի ունենան, ազատ արձակէ բոլոր քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները, որոնք ապօրինի կերպով բանտարկուած են:
«  Իբրեւ առաջին երկիր, որ կը կազմակերպէ մարզական նման միջոցառում մը, Ատրպէյճան  պէտք է յառաջդիմող եւ արդիական երկրի մը պատկերը ներկայացնէ:   Եթէ Եւրոպայի Խաղերուն նպատակն է  դրական  պատգամ մը  փոխանցել, ապա ուրեմն պէտք է բոլոր լրագրողներն ու քաղաքական բանտարկեալները, նախքան խաղերուն բացման արարողութիւնը ազատ արձակուին» յայտարարեց Ճէյն Պուչանան, Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութենէն, ըստ Արմէնփրէսի:
Միաժամանակ նոյն կազմակերպութիւնը թելադրեց  եւրոպացի ղեկավարներուն, որ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն չուղարկեն Պաքու բացման արարողութեան, մինչեւ որ ազատ չարձակուին բոլոր ձերբակալուածները եւ այլախոհները այլեւս քաղաքական ճնշումի չենթարկուին:
Compartir