Հայկական ներկայութիւն Չինական Նոր Տարուա տոներուն ընթացքին

Վերջին շաբաթավերջը մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Պարրանքաս տէ Պելկրանօ թաղամասը, Պուէնոս Այրէս, նշելու համար սկիզբը չինական 4712 տարուան,« այծի տարի»,  գեղարուեստական յայտագրերով,  ցուցահանդէսներով, սեմինարներով եւ հրավառութեամբ: Հանդեսին մասնակցեցաւ «Մասիս» հայկական պարախումբը, իսկ Արժանթինի Հայ Կեդրոնի վարչական եւ Արժանթինի Համայնքներու ֆետերասիոնի նախագահ, Խուան Սարրաֆեան, պաշտօնական արարողութեան մաս կազմեց եւ իր խօսքը բերաւ:10914714_10153069748948684_5332827327570435130_o (1)

Բացումը եղաւ Շաբաթ օր կէսօրին. Ապա գլխաւոր յայտագիրը տեղի ունեցաւ, երբ Վիշապը  աչքերը բացաւ «punctured eye» աւանդական արարողութեամբ , յանգելով ետքը, Վիշապի Պարը:

Խօսեցաւ  Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան,դեսպան՝ Ժին Հենկմին. Պուէնոս Այրէսի նախարարը Մարդու Իրավունքներու եւ Մշակութային Բազմակարծութեան , Գլաուտիօ Ավրուխ եւ  չինական կազմակերպութեան «Ոսկեզօծ պարիսպը» փոխ նախագահուհին՝ Անա Չէն”

Կիրակի  օր ՄԱՍԻՍ պարախումբը ելոյթ ունեցաւ  արժանանալով բուռն ծափահարութեան:

Ամբողջ շաբաթավերջը զանազան գեղարուեստական ​​եւ մշակութային ցուցահանդէսներ տեղի ունեցան, Չինական, Արժանթինեան եւ ուրիշ համայնքներու, վերածուելով  իսկական տոնական օրուան մը: Մի քանի անգամ տեղացող անձրեւը չյաջողեցաւ հանդէսը անշքացնել:  , 10986845_649838468454953_3757647041700523345_n

1795471_409228955907162_4087169718174722405_n

Compartir