«ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՆ ՈՒ ՀԱՑՆ Է»

Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր ստացած է իր կրթութիւնն ու ուսումը։ Ապա ուսանած է Գերմանիոյ մէջ։ Ազգային խոր համոզումներու հիման վրայ ան կը զգայ մայրենի լեզուին կարևորութիւնը, նկատելով զայն որպէս ինքնութեան զատորոշիչ գիծ, և ունի իր մտահոգութիւնը՝ լեզուի սփիւռքեան նահանջին համար, եւ զայն կը համարէ հաղորդակցութեան և շփման միջոց աշխարհի մէջ սփռուած հայութեան համար: Մտահոգ արևմտահայերէնի նուաղումով՝ նուիրուած է անոր ուսուցման և կը քաջալերէ անոր ընթերցումը և գրաւոր տարածումը: Իր կողմէ հիմնադրուած եւ փոքր խմբակով ղեկավարուող Հայերէն Blogի (hayerenblog.wordpress.com) միջոցով Իշխան Չիֆթճեան կը համախմբէ անձեր զանազան երկիրներէ հայերէն լեզուին շուրջ, որոնք լեզուն կը կարդան, կը գրեն և կը սորվին: Ունեցած ենք համացանցային հարցազրոյց մը Իշխան Չիֆթճեանի հետ, ահաւասիկ իր պատասխանները, զորս կու տանք ստորև.-

-.-.-.-.-.-.-.-

1.- Ի՞նչ պիտի ըսէիք այն անձերուն, որոնք պէտք չունին հայերէնին՝ հաղորդուելու համար այլ անձերու հետ: Երբեմն անձերը կ’ուզեն լեզու մը սորվիլ, որովհետեւ յստակ պատճառ եւ նպատակ ունին, սակայն դուք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ այդ անձերը կը մղէիք հայերէն սորվելու, առանց անոր պէտք ունենալու:

Ան որ պէտք չունի հայերէնին եւ չի գործածեր՝ թող չգործածէ, սակայն ան որ նուազագոյն փափաքը ունի սորվելու՝ մէկ առ հարիւր (1%), ես պատրաստ եմ, – ահա ա՛յս է ձեր հարցումին պատասխանս, – այդ մէկ տոկոսին վրայ աշխատելու։ Զերոյին վրայ ես չեմ աշխատիր։ Ձեր հարցումին մէջ շեշտուած «հայերէն սորվելու մղելու իմ պատճառաբանութիւնս» դիմացինին մէջ գտնուող այդ մէկ նուազագոյն տոկոս կազմող փափաքին գոյութիւնն է։ Այսինքն այդ «պատճառաբանութիւն»ը դուրսէն չի գար, այլ ներսէն է, հոգ չէ թէ՝ շատ քիչ «քանակ»ով։ Եթէ զայն գտնեմ տուեալ անձին մէջ՝ կը մղեմ սորվելու։

2.- Ի՞նչ պիտի ըսէիք այն երիտասարդներուն, որոնք երբեմն հայերէն սորված են եւ զայն պահած են անկիւն մը, չեն գործածեր, չեն խօսիր, չեն կարդար եւ չեն գրեր:

Պիտի առաջարկէի, որ անոնք փորձ մը ընէին ատենին իրենց սորվածը մէջտեղ հանելու։ Հայերէն Blogը այդ փորձերուն սիրով կ’ընդառաջէ։ Մեր կեանքին մէջ թանկագին առարկաներ կան, որոնք սիրած կ’ըլլանք ատենին ու անկիւն մը նետած, մոռցած։ Երբ պատահմամբ զանոնք գտնենք, շատ կ’ուրախանանք։ Կ’առնենք անոնցմէ մէկը ու կը դնենք մեր աչքին առջեւ, սեղանին վրայ եւ անիկա հաճելի, ներշնչիչ, գեղեցիկ ներկայութեան կը վերածուի։ Կամ ալ․․․ չի վերածուիր։ Երբեմն անձերու կը հանդիպինք մեր կեանքին մէջ, որոնք մեր կեանքին, առօրեային մէջ

բարերար ու շինիչ ազդեցութիւն կը գործեն, անկեղծ ներկայութիւն եւ ընկերակից դառնալով մեզի։

Հայերէնը ոչ «առարկայ» է, ոչ ալ «անձ», սակայն այդ երկուքին պէս ու անոնցմէ ալ անդին դեր մը կրնայ ունենալ մեր կեանքին մէջ, դառնալով մեր մտերիմը։

3.- Ի՞նչ միջոցով այսօր կարելի է համոզել անձ մը, որ հայերէն խօսի եւ հայերէն գործածէ: Ինչպէ՞ս կարելի է անձ մը խրախուսել, որ հայերէն սորվելու մէջ իմաստ մը գտնէ:

Հայերէնին իմաստը, հայերէն սորվելուն իմաստը իր համին մէջ է։ Ինչպէս մեր կեանքին մէջ անձեր ու առարկաներ կան, որ միշտ կը փնտռենք, անոնց պէտք կ’ունենանք, անոնց կը մղուինք նեղութեան եւ ուրախութեան ատեն եւ անոնց կորուստը կ’ապրինք՝ այդպէս ալ հայերէնը մեր հարազատն է կամ կրնայ ըլլալ։ Արեւելագէտ բարեկամ մը ունէի, որ կը կրկնէր յաճախ․ լեզուն անանուն զգացում է, աշխարհը զգալու ձեւ է։

4.- Ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցաք «Հայերէն Blog»ի ստեղծումէն ի վեր: Ի՞նչ դրական եւ ի՞նչ բացասական երեւոյթներ ունեցաք:

Փորձառութիւնները շատ են, սակայն ամենակարեւորը այն է, որ աշխարհի երեսուն տարբեր երկիրներէ 200է աւելի անձեր, շուրջ 10-75 տարեկան, իրարու (գրեթէ բոլորը) անծանօթ, չորս տարիէ ի վեր կը գրեն, անշուշտ՝ ոչ բոլորը նոյն յաճախականութեամբ, նոյն կշռոյթով, նոյն մակարդակով ու թափով, սակայն այս իրողութիւնը անձամբ ինծի համար դրական փորձառութիւն է։ Մարդիկ, որոնք ոչ թէ մեզ չէին ճանչնար, այլ մեր անունը չէին լսած, քանի մը տարիէ ի վեր կը գրեն։ Ոմանք նախապէս չէին գրեր, ուրիշներ արդէն կը գրէին։

Մեր ազգին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած անձեր ու կազմակերպութիւններ ասպիսի գործով չեն զբաղած, Հայաստան կամ Սփիւռք, չեն ալ քաջալերեր նման աշխատանք։ Այն չնչին տոկոսը, որ մեզ բարոյապէս կը քաջալերէ, իրենց համապատասխան կազմակերպութիւններուն մէջ խօսք եւ ձայն չունեցողներէ կը բաղկանայ, բարի կամեցողութիւն ունեցող մարդոց փոքրիկ թիւ մըն է․ անոնց մենք միշտ շնորհակալ ենք։ Անտեսումի այս կեցուածքը, որ հայկական մակարդակի վրայ գրեթէ ամէն տեղ տարածուած է, պատճառ չէ, որ մենք մեր գործը չշարունակենք։

5.- Ձեր առօրեայ գործունէութեան մէջ դուք շփման մէջ էք զանազան երկիրներու մէջ ապրող անձերու հետ: Ի՞նչ տարբերութիւններ կը գտնէք այդ երկիրներուն մէջ բնակող անձերուն միջեւ, նկատի ունենալով անոնց վերաբերմունքը հայերէնի օգտագործման հանդէպ որպէս խօսակցական լեզու կամ դաստիարակման եւ մշակութային լեզու:

Ես ամէն տեղ կը տեսնեմ, որ երբ հայերէնին լրջօրէն մօտենանք, շատեր կը հետաքրքրուին, կը խանդավառուին։ Երկարաշունչ աշխատանքի վարժ չեն շատեր, սակայն կը սորվին։ Ամէն ինչ փորձառութեամբ է։

Տարբեր գաղութներէն մեզի հետ աշխատողները հայերէնով հետաքրքրուած են։ Լեզուին հանդէպ անոնց կեցուածքը շատ չի տարբերիր մէկէն միւսը։ Անոնք բոլորն ալ իրենց շրջանակներուն մէջ կը փորձեն լեզուին լուրջ ու հոգածու գործածութիւնը քաջալերել։

6.- Ի՞նչ սխալներ գործած են որոշ երկիրներու հայ հաւաքականութիւնները, – զոր օրինակ, Արժանթինի հայ գաղութը, – կորսնցնելու համար հայերէնախօսութիւնը, եւ ի՞նչ պէտք է ընել, – եթէ կարելի է բան մը ընել, – այս իրականութիւնը փոխելու համար:

Դպրոցը բաւարար չէ լեզուն թարմ պահելու համար։ Դպրոցէն ետք ի՞նչ ճակատագիր կ’ունենայ հայերէնը մեր բերնին մէջ՝ հարցուցա՞ծ ենք մենք մեզի։ Մամուլը շատ աւելի մեծ աշխատանք կրնայ տանիլ, որ չ’ըներ։ Հայկական կառոյցներու մէջ աշխատող մարդոց ուղեղն ու կարելիութիւնները շատ սահմանափակ են ու աւելի կը սահմանափակուին հետզհետէ։ Տակաւին, փոխանակ մեր կաղապարուած շրջանակները լայնցնելու, կաղապարները քանդելու, ներածում կատարելու, աւելի կը նեղցնենք զանոնք։

Արժանթինցի մեր աշխատակիցներէն մէկը ըսած է ինծի, որ իր ծնողները հայերէն չէին գիտեր, սակայն ինք դպրոցէն յետոյ նաեւ ակումբին մէջ սորված է լեզուն եւ մեր քով ալ իր փորձերը կը շարունակէ։ Քանի՞ հոգի կարելի է գտնել իրեն պէս Արժանթինի մէջ՝ դուք պէտք է գիտնաք։

Ես տեղեակ եմ, որ յիսուն տարի առաջ Արժանթինի մէջ խումբ մը հայ երիտասարդներ մէջտեղ եկած են, որոնք քսան տարեկանէ ետք փափաքած են հայերէն սորվիլ եւ սորված են։ Ի՞նչ տեղի ունեցած է այն ատեն ձեր գաղութին մէջ, որ կրնայ նաեւ այսօր տեղի ունենալ՝ դուք պէտք է այս հարցումին պատասխանէք։

«Հայերէնախօս ակումբ»՝ ահաւասիկ լուծում մը, մանաւանդ՝ երիտասարդներու համար։ Ես ծանօթ եմ օտար լեզուներ խօսող խմբակներու Գերմանիոյ մէջ, օրինակ։ Ոչ միայն կուսակցական, այլ լեզուական ակումբ է ըսել ուզածս, որ շարունակական բնոյթ ունենայ, ոչ թէ ժամանցի շրջանակ, այլ նաեւ արտադրո՛ղ, – ոչ թէ տարին մէկ՝ Կաղանդի կամ Զատկուան տօնի պէս, – ուր լեզուի հետաքրքրութիւնը տիրապետող ըլլայ, ոչ թէ՝ գաղափարներու կամ ճաշատեսակներու։ Բայց մենք աս իմաստով հասուն ժողովուրդ մը չենք դեռ․ պէտք է ընդունինք։ Տարուած ենք մեր տարբեր գոյներով։ Այդ է «սխալ»ներէն մէկը, եթէ անպայման կ’ուզէք սխալներու մասին խօսիլ։

Մեր բանալի անձերուն՝ ղեկավարներուն համար ալ այսօր յստակ չէ՛, թէ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՆ ՈՒ ՀԱՑՆ Է։

.-.-.-.-.-.-.-.

Իշխան Չիֆթճեանի պատասխաններէն յետոյ մեզի կը մնայ գնահատել անոր ներդրումը և անսպառ աշխատանքը հայերէն լեզուի տարածման համար: Կը հրաւիրեմ այցելել hayerenblog.wordpress.com

Մարիլին Չարեան

Compartir