Չիլէ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակումը Արցախի Վրայ

thumbnail_la fotoՉորեքշաբթի Մայիս 18ին, Չիլէի երեսփոխանական Ժողովը միաձայնութեամբ որոշում կայացուց, դատապարտելով Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի հանրապետութեան վրայ, հայկական տարածք մը, Ատրպէյճանի կողմէ որպէս իրը նկատուող::

«Անցեալ ամսու 1 ի եւ 2 գիշերը ազերի օդային եւ ցամաքային ուժեր յարձակում գործեցին Ղարաբաղի սահմանագծին վրայ ծանր հրետանիով եւ վերջին նորոյթի հրթիռներով» կ’ըսէ պարբերութիւններէն մէկուն մէջ եւ կը շարունակէ. « այս յարձակումը ակնյայտ ոտնձգութիւն մըն է կրակմարի համաձայնագրին, ստորագրուած երկու երկիրներուն կողմէ Մայիս 1994ին եւ միաժամանակ բեկանում մը ՄԱԿ.ի «Հակամարտութեանց Խաղաղ Լուծման» կանոններուն:

Այս բախումներուն առթիւ, որ պատճառած է բազմաթիւ զոհեր թէ՛ քաղաքացի եւ թէ՛ զինուորական , Չիլէ կը դատապարտէ յարձակումը եւ կը պահանջէ զինուորական գործողութիւններու կասեցում եւ վերսկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն Մինսքի Խումբին մէջ, որուն նախագահներն են Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա եւ հովանաւորուած Եւրոպայի Գործակցութեան եւ Ապահովութեան Կազմակերպութեան կողմէ:

Այս որոշումը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ հոն կը նշուի Ղարաբաղը որպէս հանրապետութիւն ( ցարդ ոչ մէկ պետութեան կողմէ ճանչցուած է, որպէս հանրապետութիւն) եւ առաջին երկիրն է Հարաւային Ամերիկայի, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը:

Հայ Կեդրոնի Լատինամերիկեան հարցերու  տնօրէն՝,Գարլոս Մանուկեան, իր գոհունակութիւնը  յայտնեց , Չիլէի Երեսփոխանական Ժողովի  առած որոշումին առթիւ եւ հեռաձայնային խօսակցութեամբ երեսփոխանուհի Փասքալ Աժէնտէի, որուն հետ գործակցած է   միջազգային հարցերու  տարբեր բնոյթի ծրագիրներու իրագործման՝   փոխանցեց իր եւ Արժանթինի հայ համայնքի երախտագիտական  զգացումները:

Compartir