Սուրբ Պատարագ ի Յիշատակ Ցեղասպանութեան Զոհերուն Քաթետրալի մէջ

 catedralՄարտ 19ին Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 19ին Քաղաքիս Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ պատարագ Պուէնոս Այրէսի առաջնորդ Կարտինալ Մարիօ Լիոյի կողմէ, յարգելու համար յիշատակը Ցեղասպանութեան զոհերուն:

 Պատմական այս տաճարը կը գտնուի Րիվատաւիա պողոտային վրայ, Սան Մարթին փողոցի անկիւնը, քաղաքին կեդրոնը:
Եկեղեցական այս արարողութիւնը մաս կը կազմէ այն բազմաթիւ ձեռնարկներուն՝որոնք տեղի պիտի ունենան մայրաքաղաքին մէջ,  նուիրուած Ցեղասպանութեան  զոհերու  ոգեկոչման:
Compartir