Արժանթինի Նոր Դեսպանը Հայաստանի մէջ

Gonzalo-UrriolabeitiaԿոնսալօ Ուրրիոլապէյթիա նշանակուեցաւ նոր դեսպան Արժանթինի կառավարութիւնը ներկայացնող Հայաստանի հանրապետութեան մէջ,փոխարինելով Տիէկօ Ալվարէս Րիվերան:
Հայաստանի կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը յայտնեց տեղի ունենալիք փոփոխութեան առթիւ:
Ուրրիոլապէյթիա 45 տարեկան է, մասնագիտութեամբ իրաւաբան, որ  վարած է տնօրէնի պաշտօն,արտաքին գործոց նախարարութեան   Խորհրդարանական  հարցերու բաժնին մէջ, ինչպէս նաեւ Պրազիլի մէջ արժանթինեան դեսպանատան մամլոյ  պատասխանատու եղած է:
Compartir