Փութին Պիտի Մասնակցի Հարիւրամեակի Ոգեկոչման

descargaՌուսաստանի նախագահը՝ Վլատիմիր փութին պիտի մասնակցի Ապրիլ 24ին Երեւանի մէջ կայանալիք ՝ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին առթիւ  տեղի ունենալիք ոգեկոչման  հանդիսութեան:
Այս լուրը հաստատուեցաւ նախագահի  բանբերին՝ Տիմիթրի Փեսքովի կողմէ:
Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի այս կեդրոնական ձեռնարկին,  որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին, հրաւիրուած են մեծ թիւով պետական ղեկավարներ զանազան երկիրներու, որոնց  մէջ է նաեւ Արժանթինի նախագահ՝ Քրիսթինա Քիրչներ.  ցարդ ոչ մէկ ակնարկութիւն այդ մասին: 
Compartir