ԱՄՓՈՓ ԶԵԿՈՅՑ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ 2016 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 5

Խթման գիշեր.

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Խթումի առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, որմէ յետոյ Տնօրհնէք տեղի ունեցաւ եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ«Կենդանի Մսուրը» ներկայացուցին, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց մանուկներուն մօտ:

Յունուար 6

Ծնունդ եւ Յայտնութիւն: Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան:

Յունուար 22.

Արժանթինի Հայ Կեդրոնի վարչութիւնը ընդունելութիւն մը կազմակերպեց առաջնորդարանին մէջ, ի պատիւ, ծագումով հայ տնտեսագէտ Գարլոս Մելքոնեանին, իր la Nacion դրամատան նախագահ նշանակուելուն առթիւ:

Յունուար 24

Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպաննութեան 9 րդ տարելիցին առթիւ:

Յունուար 26

Սուրբ Գրիւոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը այսուհետեւ մաս կը կազմէ Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան պետական զբօսաշրջային յայտագրին, որ կը կոչուի «Conociendo BA»(ճանչնալով ՊԱ) ,որպէսզի քաղաքը այցելող զբօսաշրջիկները ծանօթանան անոր բազմամշակութային ինքնութեան:

Յունուար 2

Երկրի Պաշտամունքի քարտուղարը՝ Սանթիակօ տէ Էսթրատա ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլէի առաջնորդ՝ Գիսակ Արք. Մուրատեանի, եւ Հայ Կեդրոնի վարչականներուն

Փետրուար 13

Մայր տաճարին մէջ տեղի ոււնեցաւ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը եւ օրհնուեցան նորապսակ զոյգեր եւ այլ հաւատացեալներ:

Պուէնոս ի պետական համալսարանը, որ երկրին կարեւորագոյն կրթական հաստատութիւնն է, իր ուսումնական ծրագրին մէջ հաստատեց հայերէնի պաշտօնական ուսուցումը այլ լեզուներու շարքին:

Մարտ 22

Ի պատիւ տեղւոյս Առաջնորդ Գիսակ Արք.Մուրտեանի Եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ՝ ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ Հայ Կեդրոնի վարչութեան կողմէ Սիրանուշ սրահին մէջ: Մասնակցեցան գաղութիս բոլոր կազմակերպութիւնները, բարերարներ եւ այլ հրաւիրեալներ:

Մարտ 22էն մինչեւ 28

Այս օրերու ընթացքին, գաղութի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ, Աւագ Շաբթուան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ:Իւրքանչիւր օր յաւուր պատշաճի ժամերգութիւն եւ պատարագ եղաւ:

Կիրակի Ս. Յարութեան օրը, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Եկեղեցին հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ լեցուած էր:

Իսկ յաջորդ օրը՝ Յիշատակ Մեռելոց էր:

Մարտ 31

Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեան ընկերակցութեամբ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Սամ Սիմոնեանի, աշխատանքի այցելութիւն մը կատարեց Արժանթին, ուր հանդիպում ունեցան տեղւոյս կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ապրիլ5

Հայկական կազմակերպութիւնները ցոյց մը կատարեցին Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, բողոքելու համար Ղարաբաղի կրակմարի համաձայնութիւնը խախտած ըլլալուն եւ նաեւ վերջ տալու համար այս սահմանային պատերազմին: Մեծ թիւով ազգայիններ մասնակցեցան ցոյցին:

Ապրիլ 7

Գաղութի ղեկավարներ հանդիպում ունեցան արտաքին գործոց նախարարուհի Սուսանա Մալքորրայի հետ, օրակարգ ունենալով Արցախի հարցը:

19 DE ABRIL

Ապրիլ 19

Հայաստանի դեսպանը Արժանթինի մէջ, Ալեքսան Յարութիւնեան, զեկոյց տուաւ Արցախի ներկայ կացութեան եւ հոն տեղի ունեցող միջադէպերուն մասին

Ապրիլ 21էն մինչեւ Մայիս 9

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հայաստանի տաղաւարը ներկայ էր Գրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին,որ Լատին Ամերիկայի մշակութային կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկն է:Մէկ միլիոնէ աւելի մարդիկ կ’այցելեն այս ցուցահանդէսը:

Մայիս 1 ը «Հայաստանի օր» հռչակուած է,Այդ օր տեղի կ’ունենան գեղարուեստական եւ մշակութային յայտագիր յարակից սրահներէն մէկուն մէջ,եւ օրուան խօսքը կը բերէ Հայաստանի դեսպանը: Ամսուն 6ին ներկայացուցին հայ հեղինակներու գործերը:

Ապրիլ 19

Հայ գաղութի ներկայացուցիչներ հանդիպում մը ունեցան Վիսենթէ Լոփէսի քաղաքապետ Խորխէ Մաքրիի հետ, եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին անոր, որ դիւրացուցած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն կազմակերպութիւնը:

Խօսեցան նաեւ յետագային միասնաբար գործելու մասին:

Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող զինեալ բախումներուն մասին եւս անդրադարձան:

Արիլ 21

Պորխէս Մշակութային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ «100 տարի 100 պատմութիւն» լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որուն նիւթն է 1915ի աղէտէն վերապրող եւ Արժանթին եկող հայ ապաստանեալներու պատմութիւնը:

Ապրիլ22

Պուէնոս Այրէսի Օրէնսդիր Մարմինը, յուզիչ հանդիսութեամբ՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն՝ շուրջ երեսուն հոգի, վկայական յանձնեց: Ներկայ էին քաղաքական կարեւոր դէմքեր եւ պետական պաշտօնատարներ:

Ապրիլ 23

Տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը Արթուրօ Ֆրոնտիսի սրահին մէջ, մեծ թիւով մարդոց, պետական եւ քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւններու ներկայութեան:

Միւս նահանգներուն կամ քաղաքներուն մէջ եւս, ուր հայ համայնք գոյութիւն ունի, նման ձեռնարկներ տեղի ունեցան:(Գորտոպա, Րօսարիօ, Մար տէլ Փլաթա, Մենտոսա եւլն)

Ապրիլ 24

Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Տաճարին մէջ, Ցեղասպանութեան զոհերու հոգիներուն համար:Մեծ թիւով հայեր ներկայ գտնուեցան:

Ապրիլ 25

Ամէն տարուան նման քայլարշաւ եւ հաւաք տեղի ունեցաւ թրքական դեսպանատան առջեւ, պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում, հազարաւոր ազգայիններու մասնակցութեամբ:

Ապրիլ 27

Բացումը կատարուեցաւ Տելֆինա Փասոս Մաթէոսեանի «Լոյսին յարատեւութիւնը» որմանկարին, Փալերմօ թաղամասի Փաթիօ Ուրպանօ բակինմէջ, ի յիշատակ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Մայիս 1

Լինիերսի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ բացումը եւ օրհնութիւնը կատարուեցաւ «Հայաստանի Որբեր, երկնային հրեշտակներ» որմնանկարին. գործ՝ Խուան եւ Գլաուտիօ Իլանկէօզեաններու:

Մայիս 5

Իրաւաբանական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական « Լռեցուած Յիշատակի մը հունը» Cauce de una memoria silenciada նկարներու ցուցադրութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած:

Մայիս 10

Շուշիի ազատագրման 24րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ յուշատօն մը ազգային Առաջնորդարանին մէջ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու ներկայութեա

Մայիս 29

Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանական Մաղթանք Արժանթինի եւ Հայաստանի անկախութեանց զոյգ տարեդարձներուն առթիւ:

Մայիս 30

«Մայիսեան Ազատագրական Հերոսութիւններ» անունին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, ուր յիշուեցան այս ամսուան մէջ կատարուած ազատագրական գործողութիւններ զանազան վայրերու մէջ:

Շուշիի ազատագրումը, (Մայիս 9, 1992).

Արժանթինի ազատագրական յեղափոխութիւնը.( Մայիս 25, 1810)

Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը (Մայիս 28, 1918)

«Յաղթանակի Օրը » Նացիզմի դէմ (Մայիս 9, 1945)

Մասնակցեցան բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները եւ մեծ թիւով հանդիսականներ ներկայ գտնուեցան:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մասիս» պարախումբը հրաժեշտի ելոյթ ունեցաւ,որովհետեւ Յուլիսին Հայաստան պիտի ճամբորդէր մասնակցելու համար «Իմ Հայաստան» փառատօնին, որուն մասնակցեցան արուեստագէտներ աշխարհի զանազան կողմերէն:

Յուլիս 6

Նորայր Շահինեանի «Խօսելով պատմական Հայաստանի քարերուն հետ» լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը կայացաւ «Գեղեցիկ Արուեստներ»ու ցուցասրահին մէջ:.

Հայ Կեդրոնի վարչութեան հետ հանդիպում ունեցան այն լրագրողները, որոնք ճամբորդած էին Հայաստան, Պապին այցելութեան առթիւ:

Անոնք էին Տանիէլ Վիթթար եւ Մակտա Թահթաճեան «Գլարին» թերթէն

Էվանխելինա Հիմիթեան «Լա Նասիոն» թերթէն:

Րոման Լեխթման Րատիօ «Նասիոնալ» եւ « էլ Քրոնիսթա Քոմերսիալ» թերթէն:

24-26 Յուլիս

Ֆրանսիսքօ Պապին այցելութիւնը Հայաստան: Այս առթիւ Արժանթինի գաղութէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած 300 ազգայիններէ ներկայ գտնուեցաւ այս պատմական այցելութեան: Միաժամանակ Հայ Կեդրոնի վարչութիւնը հրաւիրած էր կառավարական պաշտօնատարներ եւ լրագրողներ, որպէսզի իրենք եւս ճամբորդէին Հայաստան:

Յուլիս 31

Գորտոպայի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ 90րդ տարեդարձին առթիւ, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ մեծարանքի արժանացան բոլոր անոնք, որոնք սատարած են եւ կը շարունակեն օժանդակել եւ ծառայել եկեղեցիին:

Ասիկա եղաւ առաջինը եւ կեդրոնականը շարք մը ձեռնարկներու, որոնք կազմակերպուեցան այս առթիւ:

Օգոստոս 16

Հայ Կեդրոնի մէջ, Պապի այցելութեան առթիւ Հայաստան ճամբորդած լրագրողները զեկոյց տուին հանրութեան եւ խօսեցան իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Օգոստոս 24

«Համաշխարհային խաղաղութիւն. Հայաստան եւ Ֆրանսիսքօ Պապին այցելութիւնը» նիւթին շուրջ խօսք առին օրէնսդիր Կուսթաւօ Վերա, Արժանթինի դեսպանը Հայաստանի մէջ Կոնսալօ Ուրրիոլապէիթիա եւ լրագրողուհի Մակտա Թահթաճեան: Ներկայ էի նբաձրաստիճան քաղաքական եւկրօնական անձնաւորութիւններ:

Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմնի կեդրոնին մէջ:

Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայաստանի դեսպանատան ձեռամբ, պարգեւատրեց բոլոր այն ազգայինները, որոնք գործօն կերպով մասնակցեցան Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Վկայականները բաշխուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:

Սեպտեմբեր 4

Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ, Եդուարդ Շարմազանով, խորհրդարանի այլ անդամներ Սուքիաս Աւետիսեան եւ Միքայէլ Մանուկեան, միասնաբար պաշտօնական այցելութիւն տուին Արժանթիի:

Հայ գաղութի կողմէ ի պատիւ իրենց ճաշկերոյթմը տրուեցաւ: Ապա անոնք պետական այլ պաշտօնատրներու հետ հանդիպում ունեցան:

Սեպտեմբեր 6

Հայ Կեդրոնի Սիրանուշ սրահին մէջ « Զիս մի մոռնար Արմենուհի» գիրքը ներկայացուեցաւ: Հեղինակը Մակտա Թահթաճեան, որ լրագրող է«Գլարին» թերթին, կը խօսի իր մեծ – մօր մասին, որ վերապրող էր Մեծ Եղեռնին:

14 Սեպտեմբեր

Ազգային երեսփոխան՝ Ուալտօ Ուոլֆ, որ նախագահն է խորհրդարանի «Բարեկամութիւն Հայաստանի հետ » խումբին, ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունուեցաւ Գիսակ Սրբազանին եւ հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Սեպտեմբեր17

Անտինօ խորհրդարանը, որ ղեկավարն է Անտինօ Համայնքին եւ կազմուած է Չիլէ, Պոլիվիա Փերուեւ Գոլոմպիաերկիրներու ներկայացուցիչներէն, միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Այս յաջողութիւնը ձեռք բերուեցաւ շնորհիւ Արժանթինի Հայ Կեդրոնի թափած ճիգերուն սոյն խորհրադարանին մէջ:

Սեպտեմբեր 23

Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ Արմենիօ Արխենթինա վարժարանին մէջ գեղարուեստական եւ մշակութային հանդէս տեղի ունեցաւ. Ներկայ գտնուեցան պետական դէմքեր:

Սեպտեմբեր 25

Մայր Տաճարին մէջՍ. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Գոհաբանական մաղթանք եղաւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան տարեդարձներուն առթիւ:

Սեպտեմբեր 27

Մանրամասն կերպով զեկոյց տրուեցաւ Համաշխարհային Հայ Մասնագէտներու Առողջապահութեան12րդ գիտաժողովին մասին, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Արժանթինի մէջ 31 Մայիսէն մինչեւ Յունիս 2, 2017ին:

Կազմակերպութեան նախագահն է Տոքթ. Տսանիէլ Սթամպուլեան

.

Հոկեմբեր 4

Պուէնոս Այրէս նահանգի երեսփոխանական ժողովը Լա Փլաթայի մէջ, իր օրակարգին նիւթ դարձուց «Մարդկային իրաւունքը եւ արժանապատուութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութիւն»:Ներկայ գտնուեցան քաղաքական դէմքեր եւ օրէնսդիրներ:

Հոկտեմբեր 15

Հայկական Ցեղասպանութիւնը տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած՝ սենինար մը տեղի ունեցաւ Գորտոպայի մէջ, որուն մասնակցեցան ուսանողներ եւ հասարակութիւն, լաւապէս տեղեկանալու համար մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին շուրջ:

Հոկտեմբեր 18

Երեսփոխանական սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստագիտուհի՝ Կապրիելա Սզուլմանի «Յիշողութիւններ Ապրող Հայաստանի» նկարներու ցուցահանդէսին:

Հոկտեմբեր 19

Հայաստանէն ժամանած խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ի պատիւ՝ քոքթէյլի ընդունելութիւն մը եղաւ առաջնորդարանին մէջ: Ան ղեկավարեց Պուէնոս Այրէսի սինֆօնիք նուագախումբը «“An evening with John Malkovich”, թատերական ներակայացման առթիւ : Իրեն կ’ընկերանար երգիչ Գրիգոր Միրզոյեան: Ներկայ էին գաղութային կազմակերպութիւններ:

Հոկտեմբեր 22

«Պուէնոս Այրէս կը տօնէ» յայտագրի ծիրին մէջ, այս տարի Փալերմոյի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ « Պուէնսո Այրէս կը տօնէ Հայաստանը»:

Հազարաւոր մարդիկ, հայ թէ տեղացի ներկայ գտնուեցան այս ձեռնարկին, ուր ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, նաեւ հայկական կերակուրներ:

Այս ծրագրին, որ կը գործադրուի 2009էն իվեր Մարդկային Իրաւանց եւ Քաղաքի բազմամշակութային Քարտուղարութեան կողմէ, նպատակն է , երկրին մէջ ապրող տարբեր փոքրամասնութիւններուն համար առիթ ստեղծել, որպէսզի տօնեն իրենց ազագային թուականները, ծանօթացնեն իրենց մշակոյթը, պատմութիւնը եւ աւանդութիւնները տեղացի ժողովուրդին:

Նոյեմբեր 5

Վիսէնթէ Լոփէսի հայկական վարժարանի հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին առթիւ՝ հանդէս մը տեղի ունեցաւ: Ներկայ եղաւ շրջանի քաղաքապետը՝ Խորխէ Մաքրի:

Նոեմբեր 22

Հայկական Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոմիտաս երգչախումբի համացանցի նոր կայքէջը ներկայացուեցաւ եւ համերգ տրուեցաւ Հայ Կեդրոնի Սիրանուշ սրահին մէջ համախմբուած հանդիսականներուն:

Կոմիտաս երգչախումբը 87 տարիէ ի վեր կը ծառայէ մեր գաղութին :

Compartir