Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Մարմինը

11070380_877972815594866_4416548643858600494_nԵրէկ, Չորեքշաբի Մարտ 25ի տեղի ունեցաւ  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական  կազմակերպութեան առաջին հանդիպումը, մասնակցութեամբ քսանհինգ հայ  երիտասարդներու , որոնք Արժանթին կ’ապրին:

Այս մարմինը, զոր  կազմեց    Հայր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան,  իր շաբաթական հանդիպումները պիտի ունենայ առաջնորդարանին մէջ, ուր պիտի խօսուին մշակութային, կրօնական, ազգային եւ այլ բնոյթի նիւթերու շուրջ:
Կոչ կ’ողղուի բոլոր երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք եւս միանան այս  նորաստեղծ  կազմակերպութեան:
Compartir