Թո՛ղ Մեր Զինուորներուն Անունը Միշտ Անյաղթ Ըլլայ. Սփիւռքեան Գործիչները Կը Շնորհաւորեն.տեսանիւթ

«Հայերն այսօր»-ը կը շարունակէ ներկայացնել Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին նուիրուած տօնական շնորհաւորանքները, որոնք յղած են սփիւռքեան համայնքներու համահայկական եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու այլ գործիչներ:

Անոնք իրենց քաջալերանքի խօսքը կը յղեն հայ զինուորներուն` մաղթելով հոգիի տոկունութիւն եւ անփորձանք ծառայութիւն:

Compartir