
Այս պատկերը որ ներկայ է բոլոր ծանուցումներուն մէջ եւ ոգեկոչման բոլոր ձեռնարկներուն, մեծ տպաւորութիւն գործած է ամբողջ աշխարհի մէջ. եւ հիմա հայերը սկսած են արշաւի մը, որպէսզի ընկերային ցանցերու մէջ երեւի որպէս էջին դիմանկարը. Ապրիլ 24ին կը լրանայ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, երբ մէկուկէս միլիոն հայեր վայրագօրէն սպաննուեցան թուրք պետութեան կողմէ, որ մինչեւ այսօր տակաւին կ’ուրանայ իր գործած ոճիրը:
Հետեւեալ եօթը յատկանիշները ծաղիկին:
1) Շարժառիթը
Ջարդէն 100 տարի յետոյ, տակաւին արդարութիւն եւ հատուցում չէ եղած հայ ժողովուրդին:
Յարգել յիշատակը անմեղ զոհերուն: Մեր իրաւունքն է պահանջել արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն խաղաղ կերպով: այսօր շատ երկիրներ զօրավիգ կը կանգնին մեզի:
2) Խորհրդանիշ
Ծաղիկին իւրաքանչիւր մաս կը ներկայացնէ իմաստ մը:Ծաղիկին թերթիկները կը ներկայացնեն հինգ ցամաքամասերը, ուր վերապրող հայերը ապաստան գտան, ծնունդ տալով սփիւռքին: Կեդրոնի դեղին մասը, որ ունի տասներկու բարակ գիծեր կը ներկայացնեն Ծիծեռնակաբերդի Յուշարձանին տասներկու սիւները:
3) Անունը
Բոլոր լեզուներուն մէջ անունը առնչուած է յիշողութեան: Անգլերէն, սպաներէն. հայերէն «Անմոռուկ, զիս մի մոռնար»:Ծաղիկին իմաստը շատ լաւ կը յարմարի ոգեկոչման պատգամին: «Յիշել եւ պահանջել»:
5) Գոյները եւ անոնց իմաստը
Ծաղիկը ունի չորս գոյներ. Սեւ, բաց եւ գոց մանիշակագոյն եւ դեղին
Սեւը կը ներկայացնէ ջարդը, սարսափը (Անցեալ)
Բաց մանիշակագոյնը միասնութիւն (Ներկայ):
Մանիշակագոյնը որ տիրապետող գոյնն է, մեր ազգային ինքնութիւնն է, որ հակառակ գործուած ցեղասպանութեան պիտի շարունակէ գոյատեւել (Ապագայ):
Իսկ դեղին գոյնը կը ներկայացնէ արեւուն լոյսը, որ ապրելու եւ ստեղծագործելու յոյսն է: (Յաւերժութիւն):
5) Միտք, պատկեր
Այս պատկերը ընտրուեցաւ բազմաթիւ առաջարկներու մէջ,Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի համաշխարհային խորհուրդին կողմէ: Պատկերը կատարելագործուեցաւ «Շարմ» ընկերութեան կողմէ – Իր տեսքով եւ գոյներով խոր ազդեցութիւն կը ձգէ տեսնողին վրայ:
6) Տարածում
Սփիւռքի բոլոր գաղութները եւ հայրենիքի մէջ բազմաթիւ միջոցառումներու ձեռնարկած են, որով այս «լոկոն» մեծ արձագանգ ունեցաւ:
7)Արժանթինահայ գաղութի գործունէութիւնը
Արժանթինի հայ գաղութը կազմակերպած է շարք մը միջոցառումներ եւ հանրային վայրերու մէջ ոգեկոչման ձեռնարկներ կատարուեցան եւ պիսիտ շարունակուինամբողջ տարուան ընթացքին, տեղացի ժողովուրդին մեր Ցեղասպանութեան պատմութիւնը ծանօթացնելու համար: