Հայ հանրութեան մէջ մեծ արձագանք գտաւ « 100 ձայն Հարիւրամեակին առթիւ» ծրագիրը եւ ազգայիններ սիրով ընդառաջեցին հարիւր հոգինոց երգչախումբ մը կազմելու կոչին, ծրագրուած եւ կազմակերպուած խմբավար Ռոսալպա Սարաֆեանի կողմէ:
Այս իրիկուն նորակազմ երգչախումբը ունեցաւ իր առաջին փորձը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Եկողները դիմաւորուեցան Հայ Կեդրոնի վարչական Գարլոս Մանուկեանի կողմէ որ միաժամանակ անդամ է Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբին: