Ուրբաթ օր Յուլիս 31ին, Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը պաշտօնապէս ընդունեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ցեղասպանութեան Ճանաչման ծրագիրը սոյն մարմնին ներկայացուեցաւ Էքուատորի պատուիրակութեան կողմէ: Այս որոշման մէջ մեծ դեր ունեցան, Էքուատորի, Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պոլիվիայի խորհրդարաններու ներկայացուցիչները. ինչպէս նաեւ ԼատինԱմերիկայի Խորհրդարանի նախագահուհի, Պլանքա Ալքալա:
Մեր գաղութէն՝ Արժանթինի Հայ Կեդրոնի վարչական Գարլոս Մանուկեան եւ ընկերաբան Մէհմէտ Տողան Պուէնոս Այրէսէն մեկնեցան Փանամա որ Խոորհրդարանին նստավայրն է, ներկայ գտնուելու համար այս պատմական իրադարձութեան: