Թուրք Համալսարանականներ կը բողոքեն Ցեղասպանութեան Ուրացման դէմ

Պոլսոյ համալսարանի ուսանողներ, «Քլուպ Աթաթուրք»ի կողմէ    կազմակերպուած  ձեռնարկի մը ընթացքին, բողոքի ցոյց կատարեցին, որովհետեւ սոյն կազմակերպութիւնը միշտ  ժխտած է«Հայկական Ցեղասպանութիւնը :

Ըստ թուրք լրագրական «Էթհա»գործակալութեան,  «Աքսորի Հարիւրամեակ» միջոցառումի ընթացքին, անոնք  մուտք գործեցին, յայտարարելով  մամուլին, թէ շատ մը թրքական  քաղաքներու մէջ  մեծ թիւով հայեր կ’ապրէին, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին: Ուսանողները որմազդներ կախեցին, ուր կ’ըսուէր .« Աքսոր չէր այլ ցեղասպանութիւն» եւ « « Պատասխանատու էք  Հրանդ Տինքի մահուան եւ ցեղասպանութեան»:

Compartir