Հայ ժողովուրդը բնաջնջելու ծրագիրը արդէն սկսած էր գործադրուիլ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1894 ի կոտորածներով . նպատակն էր ի սպառ անհետացնել հայ ժողովուրդի ներկայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս:
1915էն մինչեւ 1923 երկարող շրջանին՝ «Երիտասարդ Թուրքերու» կառավարութիւնը յաջողեցաւ իր երազը իրականացնել Հայկական Ցեղասպանութեամբ, որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոն հայեր:
Անպատիժ մնացած այս ոճիրը անմարդկային արարք մընէ եւ Թուրք պետութիւնը մինչեւ այսօր կը մերժէ ընդունիլ իր կողմէ գործադրուած այս ջարդը, հակառակ գոյութիւն ունեցող շատ մը փաստերու:
Բազմաթիւ ցեղախումբերէ կազմուած կայսրութեան բնակչութիւնը՝ մեծ մասամբ իսլամ էր: Քրիստոնեայ փոքրամասնութեան կը պատկանէին հայերն ու յոյները, որոնք երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ կը նկատուէին եւ իրաւունք չունէին պետական պաշտօններու եւ դիրքերու տիրանալու:
ԺԹ. դարուն օգտուելով Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող յեղափոխական շարժումներէն , հայերն ալ առիթը պատեհ նկատեցին ի նպաստ փոքրամասնութիւններու կարգ մը բարեփոխութիւններ պահանջելու պետական վարչաձեւին մէջ:
Այս պահանջքին որպէս պատասխան 300 000 հայեր կոտորուեցան 1894էն մինչեւ 1896 կազմակերպուած Սուլթան Ապտիւլհամիտի կողմէ:
Բայց քսաներորդ դարու սկիզբը թուրք ազգայիններ փորձեցին ժողովրդավարական կարգեր հաստատել երկրին մէջ: Այս ցոյցերը, որոնք դէմ էին Սուլթանին, գլխաւորուած էին երիտասարդ թուրք մտաւորականներու կողմէ, որոնք յետագային պիտի կոչուէին « Երիտասարդ Թուրքեր»:
Անոնք ազատական գաղափարներ ունէին եւ կ’ուզէին սուլթանը տապալել եւ խորհրդարանով կառավարուող պետութիւն ստեղծել: Հայ փոքրամասնութիւնները յոյսի նշոյլներ նկատեցին այս շարժումներուն մէջ եւ հաւանական կարելիութիւնը իրենց փափաքած բարենորոգումները իրականացնելու: Հետեւաբար իրենք եւս միացան այդ երիտասարդներուն:
Սակայն «Երիտասարդ թուրքերը» ուրիշ ծրագիր ունէին իրենց մտքին մէջ. «փանթուրքիզմ»ի» գաղափարը իրականացնել շրջանին մէջ, իրենց ցեղակից եղբայրներուն հետ: Այս ծրագրի իրականացման՝ հայերը խոչընդոտ կը հանդիսանային իրենց աշխարհագրական դիրքին պատճառով:
1914ին երբ Թուրքիա եւս մուտք կը գործէ Ա. Համաշխարհային Պատերազմին, օրուան կառավարութիւնը առիթը յարմար կը նկատէ իր բնաջնման ծրագիրը իրագործելու, վերջնականապէս փրկուելու համար հայերէն:
1915 Ապրիլ 24ին թուրք կառավարութիւնը ձերբակալել կու տայ կարկառուն հայ գրողներ, քաղաքական դէմքեր , գործիչներ եւ կրօնականներ, որոնք աւելի ուշ կը սպաննուին կամ կ’աքսորուին: Ապա կը սկսի հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդը. մայրաքաղաքի եւ գաւառներուն մէջ: Յետագային պիտի կոչուէր քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Որպէս հետեւանք այս ցեղասպանութեան ՝3 միլիոն հաշուող հայ ժողովուրդին կէսը կը սպաննուի. իսկ վերապրողները կ’աքսորուին իրենց հողերէն եւ ապաստան կը փնտռեն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ: Այս ձեւով ծնունդ կ’առնէ ներկայ սփիւռքը:
Լուսանկարչական փաստաթղթեր