ՕՐԱՑՈՒՅՑ ԳՈՐԾՈՒՆԵՈՒԹՅԱՆ ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ agenda@prensacentroarmenio.com.ar
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ
ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Թուականներն ու վայրերը կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ:
-Մարտ 19. Պուէնոս Այրէսի Մայր Տաճարին մէջ, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան նահատակներուն, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի ձեռամբ Կարտինալ Մարիօ Փօլիի,Արքեպիսկոպոս Պուէնոս Այրէսի Թեմին եւ Առաջնորդ Արժանթինի:
-Մարտ 28. Դասական երաժշտութեան բացօթեայ համերգ Պուէնոս Այրէս քաղաքին մէջ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Սպանացիներու Յուշարձանին առջեւ, ղեկավարութեամբ երաժիշտ եւ յօրինող՝ Սանթիակօ Չոսուրեանի եւ մասնակցութեամբ սիմֆօնիք նուագախումբին, որ պիտի ներկայացնէ հայ, արժանթինցի եւ միջազգային երաժիշտներու գործեր:
Նկատի առնուած է մօտաւորապէս երեսուն հազար ունկնդիրներու ներկայութիւն:
-Մարտ 13էն մինչեւ 19: պատկերահանում «Աշխարհի Մնացեալ Բաժինը» հեռատեսիլի ծրագրին Հայաստանի մասին, որպէս զբօսաշրջութեան երկիր: Սոյն յայտագիրը պիտի հեռասփռուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին: Իվան տէ Փինէտայի առաջնորդութեամբ լրագրողները պիտի շրջին Հայաստանի տեսարժան վայրերը եւ ընդհանուր պատկեր մը պիտի ներկայացնեն երկրի ներկայ մշակութային կեանքին եւ սովորութիւններուն մասին:
-Ապրիլ 12. Սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ, Հռոմ: Այս սրբազան արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը՝ Ֆրանսիսքօ Պապը: Ներկայ պիտի գտնուի Պուէնոս Այրէսի թեմի Արքեպիսկոպոս եւ Արժանթինի Առաջնորդ Կարտինալ Փօլի: Այս առիթով Արժանթինէն պիտի ճամբորդէ գաղութի ազգայիններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ հանրային եւ պետական պաշտօնատարներ:
-Ապրիլ 23. Ցեղասպանութեան Նահատակներու սրբադասում: Ուղղակի հեռարձակում Էջմիածնի Սուրբ Աթոռէն. ժամը 9:15 էն սկսեալ:
-Ապրիլ 24. մայրաքաղաքիս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի:
Իսկ երեկոյեան Պուէնոս Այրէսի բոլոր եկեղեցիներու միասնաբար զանգահարում:
-ԱՊՐԻԼ 24. ՀՕՄ ԱՐԵԱՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ: Արիւնի տուչութիւն:
– Ապրիլ 25. Մշակութային ձեռնարկ «Գրքի Ցուցահանդէս» ի ծիրին մէջ, որ տեղի կ’ունենայ Լա Րուրալի գլխաւոր սրահին մէջ:Կը նախատեսուի մօտաւորապէս 15000 հոգիի ներկայութիւն:
Ապրիլ 28. Բողոքի քայլարշաւ դէպի թրքական Դեսպանատուն Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Ապրիլ 29 Քաղաքային Կեդրոնական Ձեռնարկ Պուէնոս Այրէսի Լունա Փարք սրահին մէջ. մասնակցութեամբ Արժանթինի մէջ գործող դիւանագիտական մարմիններու եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու.կ’անկալուի շուրջ 10 000 ներկաներ:
Ծրագիրներ որոնց թուականը յետագային պիտի որոշուի:
-Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի այցելէ Արժանթին, Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ:
-Տարեկան դասախօսութիւններու շարք մը Իրաւաբանական համալսարանին մէջ: Նկատի առնուած է ամիսը անգամ մը դասախօսութիւն մը կազմակերպել:
-Միջազգային համագումար Մարդկային Իրաւանց շուրջ. մասնակցութեամբ միջազգային մակարդակով իրաւագէտներու եւ օրէնսգէտներու:
Սեպտեմբեր 21. Հայկական եւ միջազգային դասական երաժշտութեան համերգ, Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման ծրագրին մաս կազմող, տեղի պիտի ունենայ Գոլոն թատերասրահին մէջ որ 4000 հանդիսատեսներ տեղաւորելու յարմարութիւն ունի:
-Հրատարակել գիրքեր Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի հանրապետութեան մասին:
Այցելութիւն Հայաստան տեղացի լրագրողներու, հեռատեսիլի եւ լրատուական գործակալութեանց: