Այս տարի Ապրիլ 24ին լրացաւ Հարիւրամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:
Արժանթինի հայ գաղութը իր միջոցառումներուն ընդմէջէն եւ իր ներկայութեամբ ցոյց տուաւ թէ կը պայքարի ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման համար:
Եւ այդ պայքարի ոգին ի յայտ եկաւ բոլոր ձեռնարկներուն մէջ, որ իր լրումին հասաւ Ապրիլ 29ին Լունա Փարքի մէջ տեղի ունեցած կեդրոնական ձեռնարկով:Սրահը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ: Բծախնդրօրէն ընտրուած եւ գործադրուած յայտագիրը շատ տպաւորիչեւ յուզիչ եղաւ եւ գաղութը ապրեցաւ պատմական եւ անմոռանալի օրմը:
Նոյն այդ ոգին ցուցաբերեցինԳորտոպայի, Րոսարիոյի, Մարտէլ Փլաթայի հայ գաղութները: Բոլորն ալ կը ցոլացնեն թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ հայութեան պայքարի ոգին:
Պուէնոս Այրէսի մէջ Հարիւրամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները սկսան Նոյեմբերին, երբ բոլոր հայկական վարժարաններու աշակերտները հաւաքուեցան «Սիրանուշ» սրահին մէջ եւ փոքրիկ թաղարներու մէջ ցանեցին «Անմոռուկ»ծաղիկներու հունտերը, զորս յետոյ բաժնուեցան «Պուէնոս Այրէս կը տօնէ Հայաստանի Օրը»բացօթեայ ձեռնարկին գտնուող, հազարաւոր ներկաներուն :Ինչպէս նաեւ փողոցներուն մէջ, հրապարակներուն եւ որմազդներուն վրայ սկսան երեւիլ Հարիւրամեակի առթիւ որնպէս խորհրդանշան ընտրուած «Անմոռուկ» ծաղիկին պատկերները:
Մարտ 19ին Պուէնոս Այրէսի Մեթրոփլիթանօ տաճարին մէջ հայ եւ տեղացի հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան առջեւ , Պուէնոս Այրէսի Առաջնորդը՝ Կարտինալ Մարիօ Փօլի մատոյց Սուրբ Պատարագ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Մի քանի օր յետոյ, խմբավար Սանթիակօ Չոսուրեանի ղեկավարութեամբ՝ սինֆօնիք նուագախումբը, երիտասարդներու երգչախումբը, կոյրերու բազմաձայն երգչախումբը եւ հրաւիրուած արուեստագէտներ՝ բացօթեայ համերգով խանդավառեցին Փալերմոյի պուրակներուն մէջ հազարներ հաշուող հանդիսատեսներ« Քեզի Համար Հայաստան» միջոցառումով:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին «Հայկական Ցեղասպանութիւնը» աշխարհի բոլոր թերթերուն, լրատուական ցանցերուն գլխաւոր խորագիրներէն մէկը եղած էր, մանաւանդ Ֆրանսիսքօ Պապին պատմական պատարագէն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն յետոյ, երբ դատապարտեց ժխտումի կեցուածքը շեշտելով թէ « Չարը հերքել, կը նշանակէ թոյլ տալ որ վէրք մը շարունակէ արիւնիլ» ըսաւ:
Հարիւրամեակի առթիւ կազմուած մարմինը կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը, ուր սպառիչ կերպով բացատրութիւն տրուեցաւ տեղացի եւ օտար լրագրողներուն, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ գործադրուելիք միջոցառումներուն մասին: Նաեւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններ հարցազրոյց ունեցան յանձնախումբի ներկայացուցիչին հետ:
Ապրիլ 23ին «Սիրանուշ» սրահին մէջ խորհրդաւոր պահեր ապրեցան ներկաները, երբ մեծ պաստառին վրայ կը դիտէին կը հետեւէին Էջմիածնէն ուղղակի հեռարձակուող Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը մէջ երկու կաթողիկոսներու ն կողմէ : Իրապէս յուզիչ էր հոգեպարար արարողութիւնը:Աշակերտները լռութեամբ եւ յուզումով կը հետեւէին այս անկրկնելի սրբազան արարողութեան, որուն անմիջապէս յաջորդեցին եկեղեցիներու զանգերուն հարիւր ղօղանջները ամբողջ քաղաքին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Շատերուն աչքերը լեցուած էին::
Իսկ Ապրիլ 24ին՝ Եկեղեցին պզտիկ եկաւ ընդունելու համար հազարաւոր հաւատացեաները , որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու Ցեղասպանութեան զոհերուն: Արարողութենէն յետոյ քաղաքին Օրէնսդիր Մարմնին կողմէ պաշտօնապէս զետեղուեցաւ Հարիւրամեակի ի յիշատակ յուշատախտակ մը Եկեղեցւոյ պատին վրայ:
Յաջորդ օրը Լա Րուրալի կեդրոնական տարածքին մէջ, ուր տեղի կ’ունենար Գրքի Ցուցահանդէսը, մշակութային եւ գեղարուեստական ընտիր հանդիսութիւ մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ բոլոր հայկական դպրոցներուն , սկաուտներուն,: Ելոյթ ունեցան երգչախումբեր , հայկական պարախումբեր նուագախումբերեւ տեղացի ծանօթ երգիչներ:
Մարտ 28ի իրիկունը Իրաւաբանական համալսարանէն քայլարշաւ եղաւ դէպի թրքական դեսպանատունը: Սկաուտներ , երիտասարդական խումբեր քալեցին դրօշակներով, արդարութիւն պահանջելով:
Խօսք առին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր՝ Փերէզ Էսքիվել, Սրբազան Հայրը եւ երիտասարդներուն խօսքը բերաւ Ռազմիկ Նալպանտեան:
Ապրիլ 29ին կեդրոնական ձեռնարկը կայացաւ Լունա Փարքի մէջ, ուր խօսք առին Երեսփոխանական նախագահ՝ Խուլիան Տօմինկէս,ՀԱյաստանի դեսպան՝ Ալեքսան Յարութիւնեան եւ նախկին արդարութեան նախարար՝ Լէոն Արսլանեան: Հանդէսին վարիչներն էին Ալեխանտրօ Ֆանթինօ եւ Լաուրա Եորղանճեան: Ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգիչ՝ Խաիրօ:
Ընկերային ցանցերը լայն կերպով արձագանգեցին բոլոր ձեռնարկներուն, լուրերուն, որովհետեւ Հարիւրամեակի Քարտուղարութիւնը մեծ աշխատանք տարաւ այդ ուղղութեամբ: Դիմատետրի իր պաշտօնական էջը լուրերու սփռումի ջրանցքի մը վերածուեցաւ, սփիւռքի ամենաաշխոյժ էջերէն մէկը:
Երախտանքիեւ շնորհակալութեան արժանի եղող անհատներուն եւ մարմիններուն ցանկը շատ երկար է եւ հաւանաբար ակամայ մոռացումներ պատահին:
Այսուհանդերձ Հայ Կեդրոնի Վարչութիւնը կ’ուզէ իր շնորհակալութիւնը յայտնել իր անձնակազմին, բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն, աշակերտութեան, տնօրէնութիւններուն , ուսուցչական մարմիններուն, պարախումբերուն, երգչախումբերուն, սկաուտական մարմիններուն,եւ կրթական մշակութային եւ արուեստի անձնաւորութիւններուն. կառավարական մարմիններուն, թէ՛ քաղաքի եւ թէ՛ երկրին, որոնք սատարեցին մեր միջոցառումներու գործադրութեան եւ յաջողութեան. բոլոր ներկաներուն եւ մասնաւորաբար մեր բարերարներուն, որոնք առատաձեռնութեամբ մասնակցեցան մեր ծրագիրներու իրագործման:
Միասնական եւ համադրուած աշխատանքը իր պտուղը տուաւ : Լեցնել հսկայ Լունա Փարքը, մասնակցութիւնը մօտաւորապէս տասը հազար հոգիի խաղաղ ցոյցի մը, որոնք կը պահանջէին արդարութիւն, կատարուած ձեռնարկներուն թիւը եւ տարողութիւնը մեր գաղութը կը դարձնէ Արժանթինի կարեւորագոյն համայնքներէն մէկը:Այս դիրքը պէտք է պահենք եւ զայն օգագործենք մեր վսեմ գաղափարներու իրագործման համար. Հայկական ծագումով արժանթինցիներ , որոնք կը պայքարին մարդկային իրաւունքներուն համար, ընկերային հաւասար պայմաններու գոյութեան համար եւ մեր մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ արուեստի տարածման պաշտպանութեան համար:
Մեր պատգամը հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, ուղղուած համայն մարդկութեան , շատ յստակ է եւ այդ պատգամը մեծ արձագանգ ունեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Շատ երկիրներ մեզի զօրավիգ կանգնեցան, ճանչնալով հայկական ցեղասպանութիւնը միաժամանակ մեղադրելով թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը:
Ցեղասպանութենէն 100տարի յետոյ շատ աւելի բարձրաձայն քան երբեք կը պահանջենք:
ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ