
Այս արտայայտութեամբ հանդէս եկաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը , ըսելով որ ասիկա միակողմանի ճիգ մընէ օրինականացնելու համար հողատարածքին մէջ տիրող ներկայ անկանոն կարգավիճակը: Նախարարը նաեւ կը դատապարտէ այս ընտրութիւնը,որովհետեւ նման քայլ մը որեւէ ձեւով չի սատարեր Ատրպէյճանի հետ գոյութիւն ունեցող բախումներուն համար , Մինսքի կողմէ խաղաղ լուծում մը գտնելու բանակցութիւններու ն:
Ղարաբաղի հանրապետութիւնը իր անկախութենէն ի վեր ժողովրդավար ընտրութիւններ կը կատարէ միջազգային դէտերու ներկայութեան: 1991ին հանրաքուէի միջոցաւ բնակչութեան 99/9 (բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հայեր են) որոշեց ինքնավար հանրապետութիւն մը ունենալ երկրին մէջ, ուր հին օրերէ իվեր հայեր բնակութիւն հաստատած են: Այս ձեւով ժողովուրդը կը հաստատէ իր սեփական որոշումը առելու իրաւունքը: